2014-02-09 12:40:33

Կարտինալ Սանտրիի քարոզը Սուրբ Մարոնի տօնին առթիւ` ''Լիբանանը կամ միասնաբար կը կառուցենք եւ կամ գոյութիւն չի կրնար ունենալ''։


Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հիմնադիր` Սուրբ Մարոնի տօնին առթիւ, կիրակի, 9 փետրուարի առաւօտեան, ժամը 9-ին, Հռոմի Մարոնիներու Քահանայապետական վարաժարանի Եկեղեցւոյ մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան, մասնակցութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու ժառանգաւորներուն եւ հաւատացեալներուն։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, Կարտինալ Սանտրին վերյիշեց թէ ''անցեալ տարի նոյն տօնին օրուան առթիւ գոհաբանութիւն յայտնեցինք Աստուծոյ` վերյիշելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի այցը Լիբանան ու Արեւելեան Եկեղեցիներու նուիրուած` ''Եկեղեցին Միջին Արեւելիք մէջ'' յորդորագիրի յանձնումը։ Երկու օր ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, աշխարահին յայտնեց իր հրաժարականի լուրը։ Մեր սրտերուն մէջ, այսօր կայ երախտապարտութեան խոր զգացում մը որ կը պարտինք Պենետիկտոս ԺԶ-ի, անոր Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան ցուցաբերած սիրոյն համար։
Այսօր եւս կը փառաբանենք Տէրը` մեզի պարգեւած բազմաթիւ բարիքներուն համար, յատկապէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութեան համար, որ իր կարգին մեզի շնորհեց նոր յորդորագիր մը ''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' – ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը - մաղթելով` ''Աւետարանի ուրախութիւն'', Մարոնիթ Վարժարանի բոլոր երիտասարդ քահանաներուն ու արեւելցի բոլոր երիտասարդներուն, որոնք մտահոգութեամբ կը նային ապագային։
''Թող անոնք վերագտնեն յոյսը եւ վերսկսին ճանապարհորդութիւնը, որովհետեւ Քրիստոսի աւետարանի ուրախութիւնը վստահուած է անոր բոլոր աշակերտներուն'' հաստատեց Կարտինալը հրաւիրելով աղօթել` մէկը միւսին համար եւ հայցելով Սուրբ Մարոնի բարեխօսութիւնը Լիբանանին ու համայն միջին արեւելքի խաղաղութեան համար, մաղթելով որ հաստատուի Կրօնի ազատութիւնը եւ Եկեղեցին ու հաւատքը չ՛օգտագործուին ընկերութեան մէկ մասին ի նպաստ, հակառակելով միւսին։
Իր քարոզի աւարտին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի Պատրիարքին եւ մարոնիթ եպիսկոպոսներուն, իրը դարձնաելով անոնց ուղղած կոչը ''Լիբանանը կամ միասնաբար կը կառուցենք եւ կամ գոյութիւն չի կրնար ունենալ''։
Կարտինալ Սանտրին քարոզը եզրափակեց Սուրբ Շարպելի մէկ աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.